Jump to content

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւն


Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Հայաստանի իրաւական համակարգի հիմքն է՝ երկրի հիմնական օրէնքը, որուն պէտք է համապատասխանեն միւս բոլոր օրէնքները։ Սահմանադրութիւնը նաեւ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութեան կազմակերպման ամենահիմնական սկզբունքները, որոնց գործնական կիրառման եւ ամրապնդման պէտք է ձգտի պետութիւնը։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից իմաստով սահմանադրութիւնները՝ իբրեւ պետութեան գրուած հիմնական օրէնք, նոր ժամանակաշրջանի երեւոյթ են։ Այդպիսի առաջին սահմանադրութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 1787-ին Սահմանադրութիւնն է, որ կը գործէ մինչ օրս՝ իհարկէ, աւելի քան 200 տարուան ընթացքին կատարուած էական փոփոխութիւններով։

Եւրոպայի մէջ առաջին սահմանադրութիւնները ընդունուած են 1791-ին՝ նախ՝ այդ տարուայ 3 Մայիսին, Լեհաստանի մէջ, այնուհետեւ՝ նոյն տարուան 3 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի մէջ։

Սակայն «սահմանադրութիւն» եզրը շատ աւելի հին պատմութիւն ունի։ Ընդունուած է ըսել, որ եզրը կը ծագի լատինական «constitution» բառէն, որ կը նշանակէ «սահմանում», «կառուցուածք»։ Իսկ դեռեւս Ք.ա. 4-րդ դարուն անտիկ յոյն մտածող Արիստոտէլը «սահմանադրութիւն» հասկացութիւնը կ՚օգտագործէր պետութեան կառուցուածքի, պետական իշխանութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման, անոր՝ ժողովրդավարական եւ արդարացի ըլլարու մասին խօսելու ժամնակ։

Հին Յունաստանի եւ Հին Հռոմի մէջ երկար ժամանակ սահմանադրութիւն կը կոչուէին նաեւ կայսրերու, միապետներու ընդունած իրաւական արարքները։

Հայկական իրականութեան մէջ կ՚առանձնանայ 5-րդ դարուն Վաչական թագաւորի նախաձեռնութեամբ ընդունուած «Կանոնական սահմանադրութիւնը»։ Վաչականը Նուարսակի 484-ին պայմանագրէն ետք Արցախ-Ուտիք իշխանութիւնը հռչակած էր իբրեւ թագաւորութիւն, որ ճանչցուած էր Պարսկաստանի կողմէ։ Կանոնական սահմանադրութիւնը յատկանշական է այն առումով, որ մշակուած եւ ընդունուած է ժամանակի աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներու լայն ընդգրկմամբ։ Այդուհանդերձ, Վաչական թագաւորի Աղուէն ամառանոցին մէջ ընդունուած Կանոնական սահմանադրութիւնը հիմնականին կը կարգաւորէր հոգեւոր կեանքի յարաբերութիւնները։

Հայո պատմութեան մէջ Սահմանադրութեան նախագծման ամենահամարձակ փորձերէն է 18-րդ դարուն Հայաստանի ազատագրութեան Մատրասի խմբակի, մասնաւորապէս՝ Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ շարադրուած «Որոգայթ փառացը», որ միաժամանակ ե՛ւ Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր էր, ե՛ւ ապագայ անկախ Հայաստանի սահմանադրութեան նախագիծը։ «Որոգայթ փառացը» ամբողջութեամբ հիմնուած էր ժամանակի արեւմտաեւրոպական լուսաւորական գաղափարներուն վրայ։ Հրատարակուած է Մատրասի մէջ, Շահամիր Շահամիրեանի որդի Յակոբի անունով, 1788-89-ին (թէեւ տիտղոսաթերթին նշուած է 1773-ին)։

Գիրքի առաջաբանին մէջ կը դատապարտուին ֆէոտալական-միապետական կարգերը, կը սահմանուին թուրք-պարսկական տիրապետութենէն Հայաստանի ազատագրման ուղիները եւ այնտեղ բուրժուադէմոկրատական կարգերու հաստատման սկզբունքները։ Գիրքի երկրորդ՝ հիմնական մասը սահմանադրութեան նախագիծն է (521 յօդուած), որ կը ներկայացնէ ապագայ անկախ Հայաստանի հասարակական-պետական կառուցուածքը, կառավարման կարգը, պետական մարմիններու իրաւասութիւնները, քաղաքացիներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, տնտեսութեան, կրթութեան, զինուած ուժերու կազմակերպման հարցերը։

Նախագիծով կը նախատեսուէր հռչակել բոլոր քաղաքացիներու հաւասարութիւնը օրէնքի առջեւ, անոնց անձի, խօսքի, դաւանանքի եւ գործունէութեան լիակատար ազատութիւնը։ Կը նախատեսուէր գերագոյն եւ օրէնսդիր իշխանութիւնը վերապահել ընտրովի մարմնին (խորհրդարան)՝ Հայոց տունը, որ ալ պէտք է կազմաւորէր գործադիր իշխանութիւնը՝ Նախարարութիւնը։ Վերջինս պէտք է բաղկացած ըլլար նախարարից (նախագահ) եւ 12 տեղակալներէ։ Նախարարը պէտք է յամարուէր նաեւ երկրի արտաքին գործերու պատասխանատուն եւ զինուած ուժերւկ գերագոյն հրամանատարը։ կառավարութիւնը պիտի ըլլարր Հայոց տան վերահսկողութեան ներքոյ, որ իրաւունք պէտք է ունենար փոխելու կառավարութիւնը։

Քաղաքական նկատառումներէն՝ նախագիծին մէջ կ՚առաջարկուէր նախարար ընտրելու մէկ այլ՝ բացառիկ տարբերակ. հին հայկական արքայատուներու, մասնաւորապէս՝ Բագրատունիներու շառաւիղներէն մէկը իր ցանկութեամբ կրնար ընտրուիլ ցմահ նախարար, եթէ հաւատարիմ ու հնազանդ մնար Հայոց տան սահմանած օրէնքներուն։ Այս առաջարկի նպատակն էր շահագրգռել վրաց Բագրատունի թագաւոր Հերակլ 2-րդին, որուն Մատրասի խմբակը կարեւոր դեր կը վերագրէր Հայաստանի ազատագրման գործին մէջ։

Նախագիծով կ՚առաջարկուէր նաեւ դատական համակարգի կառուցուածքը եւ իրաւասութիւնը, կը նախատեսուէր եկեղեցւոյ առանձնացումը պետութենէն, դպրոցի առանձնացումը եկեղեցիէն։ Կը նախատեսուէր պարտադիր կրթութիւն՝ առանց սեռի տարբերութեան։

Կը նախատեսէին նաեւ հանրապետութեան զինուած ուժերու մասին դրոյթներ, համաձայն որոնց՝ մշտական 90 հազարանոց բանակը պէտք է համալրուէր վիճակահանութեամբ (100 տղամարդու 5-ը, ռազմական ուսուցումն ու ծառայութիւնը՝ 7 տարի)։

Այդուհանդերձ, ինչպէս 17-18-րդ դարուն նախաձեռնուած՝ Հայաստանի ազատագրութեան շարք մը փորձերը, այդպէս ալ Մատրասի խմբակի ծրագիրը, ցաւոք, մնաց անկատար, իսկ «Որոգայթ փառացը»՝ թուղթի վրայ։

Սեփական իրաւական համակարգ, եւ առաջին հերթին՝ սահմանադրութիւն ունենալու իրական նախադրեալներ ստեղծուեցան 1918-ին Արեւելեան Հայաստանի անկախացմամբ, սակայն անկախութեան երկուքուկէս տարին բաւարար չէր արտաքին եւ ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն ծանրագոյն իրավիճակի մէջ գտնուող պետութեան համար սեփական սահմանադրութիւն մշակելու եւ ընդունելու համար։

1920-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն, ապա նաեւ՝ 1922-ին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան ստեղծումէն ետք հայկական իրաւական համակարգը ամբողջութեամբ դարձաւ Խորհրդային Միութեան իրաւական համակարգի անբաժան մասը։ Խորհրդային շուրջ 70-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը ունեցաւ երեք սահմանադրութիւն։ Առաջինը ընդունուեցեւ 3 Փետրուար 1922-ին ՀԽՍՀ բանուորներու, գիւղացիներու եւ կարմիր բանակայանիններու դէպուտատներու խորհուրդներու առաջին համագումարին։ ԽՍՀՄ-ի եւ Անդրֆեդերացիայի կազմաւորէն ետք ՀԽՍՀ սահմանադրութիւնը փոփոխուեցաւ եւ լրացուեցաւ, եւ 1925-ին ՀԽՍՀ խորհուրդներու 4-րդ համագումարը վաւերացուց այդ փոփոխութիւններն ու լրացումները։

ՀԽՍՀ երկրորդ սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 23 Մարտ 1937-ին ՀԽՍՀ խորհուրդներու 9-րդ արտակարգ համագումարի ընթացքին, իսկ երրորդը՝ 1978-ին ՀԽՍՀ 9-րդ գումարման Գերագոյն խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանին։

Այնուամէնայնիւ, ՀԽՍՀ սահմանադրութիւնները դժուար է գնահատել իբրեւ Հայաստանի իրաւական համակարգը բնորոշող երեւոյթներ, քանի որ անոնք ընդունուած էին համապատասխանաբար՝ Ռուսաստանի ԽՖՍՀ 1918-ի սահմանադրութեան, ԽՍՀՄ 1924-ի, 1936-ի եւ 1977-ի սահմանադրութիւններու հիման վրայ։

ՀՀ Սահմանադրութեան ընդունումը եւ կատարուած փոփոխութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնմամբ անխուսափելի դարձաւ նոր՝ ազգային սահմանադրութեան ընդունումը։ Սահմանդրութիւնը ընդունուեցաւ 5 Յուլիս 1995-ին համաժողովրդական հանրաքուէով։ Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք 5 Յուլիս դարձաւ պետական տօն՝ Սահմանադրութեան օր։

Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը՝ իբրեւ ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութեան, հռչակեց մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց հանրապետութեան կառավարման ձեւը՝ հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի վրայ։ Սահմանադրութեամբ ձեւաւորուեցաւ կիսանախագահական կառավարման ձեւ՝ պետութեան գլխին՝ Հանրապետութեան Նախագահին վերապահուած լայն լիազօրութիւններով։

2001-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին անհրաժեշտութիւն առաջացուց որոշակի փոփոխութիւններ մտցնելու Սահմանադրութեան մէջ։ Սակայն 2003-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը չընդունուեցաւ։ Փոփոխութիւններու յաջորդ նախագիծը հանրաքուէի դրուեցաւ 27 Նոյեմբեր 2005-ին եւ ընդունուեցաւ։

Փոփոխութիւնները նշանակալի էին յատկապէս հանրապետութեան կառավարման կարգի, իշխանութիւններու բաժանման, զսպումներու եւ հակակշիռներու կառուցուածքներու ապահովման տեսանկիւնէն։ Մասնաւորապէս, սահմանադրական փոփոխութիւններով նշանակալիօրէն կրճատուեցան Նախագահի լիազօրութիւնները, իսկ Ազգային ժողովի դերը ընդլայնուեցաւ։

Այսպէս, փոփոխութիւններով վերացուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահի՝ վարչապետ նշանակելու ամբողջութեամբ հայեցողական լիազօրութիւնը. Ներկայիս Հանրապետութեան Նախագահը պարտաւոր է վարչապետ նշանակել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձի՝ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ։

կառավարման կարգի հետ կապուած յաջորդ կարեւոր փոփոխութիւնը Ազգային ժողովը արձակելու՝ Հանրապետութեան նախագահի՝ կրկին, ըստ էութեան անսահմանափակ լիազօրութեան վերացումն էր։ Փոփոխութիւններով սահմանուեցան այն բացառիկ դէպքերը, որոնց առկայութեան պարագային միայն Հանրապետութեան Նախագահը կրնայ արձակել Ազգային ժողովը։ Այդ բոլոր դէպքերը ըստ էութեան կը վերաբերին Ազգային ժողովի կողմէ անգործութիւն դրսեւորելու իրավիճակներուն։

Կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցան նաեւ դատական համակարգի կազմակերպման ոլորտին մէջ։ Էապէս փոխուեցաւ արդարադատութեան խորհուրդի կազմաւորման կարգը, որ իր հերթին դատական համակարգի կազմաւորման գործին մէջ վճռորոշ նշանակութիւն ունի. արդարադատութեան խորհուրդի ներկայացման հիման վրայ Հանրապետութեան Նախագահը կը կատարէ դատաւորներու նշանակումները։

Այսպէս, մինչեւ 2005-ին սահմանադրական փոփոխութիւնները ՀՀ Նախագահը կը գլխաւորէր արդարադատութեան խորհուրդը, իսկ խորհուրդի փոխնախագահներն էին գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ՝ արդարադատութեան նախարարը եւ գլխաւոր դատախազը։ Խորհուրդի կազմի մէջ կը մտնէին նաեւ Հանրապետութեան Նախագահի կողմէ հինգ տարի ժամկէտով նշանակուող տասնչորս անդամ, որոնցմէ երկուքը՝ իրաւաբան գիտնական, ինը՝ դատաւոր, երեքը՝ դատախազ։

Սահմանադրական փոփոխութիւններու արդիւնքով Հանրապետութեան Նախագահի ազդեցութիւնը արդարադատութեան խորհուրդի վրայ կտրուկ նուազեցաւ։ Ներկայիս Արդարադատութեան խորհուրդի կազմի մէջ կը մտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան դատաւորներու ընդհանուր ժողովի կողմէ գաղտնի քուէարկութեամբ հինգ տարի ժամկէտով ընտրուած ինը դատաւորներ, Հանրապետութեան Նախագահի եւ Ազգային ժողովի կողմէ նշանակուած երկուքական իրաւաբան-գիտնականներ։ Արդարադատութեան խորհուրդի նիստերը կը վարէ վճռաբեկ դատարանի նախագահը՝ առանց քուէարկութեան իրաւունքի։

Սահմանադրութեան մէջ կատարուած կարեւոր փոփոխութիւններէն էր նաեւ Սահմանադրական դատարան դիմելու իրաւունք ունեցող շրջանակի ընդլայնումը։ Մասնաւորապէս, ներկայիս օրէնքներու եւ այլ իրաւական արարքներու սահմանադրականութիւնը ՀՀ Սահմանադրական դատարանին մէջ կրնան վիճարկել (ստուգել) մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, դատարանները եւ դատախազները՝ իրենց վարոյթին մէջ գտնուող գործերով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ոք՝ ճշգիտ րգործով, երբ առկայ է դատարանի վերջնական արարքը, սպառուած են դատական պաշտպանութեան բոլոր միջոցները եւ կը վիճարկի այդ արարքով իր նկատմամբ կիրառուած օրէնքի դրոյթի սահմանադրականութիւնը։

Միւս կարեւոր փոփոխութիւնը կը վերաբերի բարձրագոյն դատական ատեանի (բացի սահմանադրական արդարադատութեան հարցերէն)՝ ՀՀ վճռաբեկ դատարանի սահմանադրաիրաւական կարգավիճակին։ Սահմանադրական փոփոխութիւններով ՀՀ վճռաբեկ դատարանին վերապահուեցաւ դատարաններու կողմէ օրէնքի միատեսակ կիրառութեան ապահովման գործառոյթ։ Այդ գործառոյթի իրագործումը Հայաստանի մէջ սկիզբ դրաւ դատական նախադէպի՝ իբրեւ իրաւունքի աղբիւրի կիրառութեան։ Իհարկէ, ՀՀ վճռաբեկ դատարանի որոշումներու՝ իբրեւ դատական նախադէպի էութիւնը էականօրէն կը տարբերի անգլոամերիկեան իրաւունքին մէջ դատական նախադէպի էութենէնց, քանի որ Հայաստանի իրաւական համակարգին մէջ դատական նախադէպը ոչ թէ իրաւաստեղծ, այլ առաւելապէս իրաւունքը մեկնաբանող աղբիւր է։

Սահմանադրական շարք մը այլ փոփոխութիւններով Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած՝ մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներու ու ազատութիւններու շրջանակը եւ անոնց ձեւակերպումը առաւել համապատասխանեցուեցան ՀՀ ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններուն, սահմանադրաիրաւական կարգավիճակ ստացան (Սահմանադրութեամբ նախատեսուեցան) շարք մը պետական մարմիններ, մասնաւորապէս՝ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, ՀՀ կեդրոնական դրամատունը, հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովը, վերահսկիչ պալատը։

ՀՀ Սահմանադրութեան կառուցուածքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ Սահմանադրութիւնը բաղկացած է նախաբանէ եւ 9 գլուխներէ։

Նախաբանը կը սահմանէ սահմանադրութեան ընդունման ընդհանուր սկզբունքները եւ նպատակները (Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները, իրականացած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամը, նուիրուած հայրենիքի հզօրացման եւ բարգաւաճման, ապահովելու համար սերունդներու ազատութիւնը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութիւնը, հաւաստելով հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, կ՚ընդունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը)։ Նախաբանը իրաւական տեսանկիւնէն կը կարեւորէ նաեւ այն առումով, որ յղում կը կատարէ 23 Օգոստոս 1990-ին ընդունուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի վրայ՝ այդպիսով հռչակագրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներն ու հայոց պետականութեան նպատակները բարձրացնելով սահմանադրաիրաւական մակարդակի։

Գլուխ 1. Սահմանադրական կարգի հիմունքները.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գլխով կը սահմանուի պետութեան բնոյթը (ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային, իրաւական պետութիւն), իշխանութեան պատկանիլը ժողովուրդին, պետութեան սահմանափակուածութիւնը մարդու իրաւունքներով եւ ազատութիւններով, Սահմանադրութեան բարձրագոյն իրաւաբանական ուժը մնացած բոլոր իրաւական արարքներոն նկատմամբ, անոր անմիջական գործողութիւնը, իշխանութիւններու բաժանման եւ հաւասարակշռման սկզբունքը, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերու հիմունքները, եկեղեցին անջատ ըլլալը պետութենէն, զինուած ուժերու կարգավիճակը, պետութեան վարչատարածքային կազմակերպումը, պետական լեզուն, պետութեան խորհրդանիշները եւ մայրաքաղաքը։

Գլուխ 2. Մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքները եւ ազատութիւնները.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՛ամրագրուին մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները՝ միջազգայնօրէն ընդունուած հանրաճանաչ կանոններուն համապատասխան։ Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները կը բաժնուին անձնական, քաղաքական, քաղաքացիական եւ ընկերա-տնտեսական իրաւունքներու։ Այս գլխով կը սահմանուին նաեւ մարդու եւ քաղաքացիի ճշգրիտ պարտականութիւնները, այն է՝ իւրաքանչիւր մարդու պարտականութիւնը օրէնքով սահմանուած կարգով եւ չափով մուծելու հարկեր, տուրքեր, կատարելու պարտադիր այլ վճարումներ, Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները պահպանելու, այլոց իրաւունքները, ազատութիւնները եւ արժանապատուութիւնը յարգելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտականութիւնը՝ օրէնքով սահմանուած կարգով մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան։

Գլուխ 3. Հանրապետութեան Նախագահը.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանէ Հանրապետութեան Նախագահի կարգավիճակը, անոր լիազօրութիւնները, ընտրութեան կարգը եւ լիազօրութիւններու ժամկէտը, Նախագահի թեկնածուին ներկայացուող պահանջները։

Հանրապետութեան Նախագահի, Ազգային ժողովի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրաքուէները տեղի կ՚ունենան ընդհանուր, հաւասար, ուղղակի ընտրական իրաւունքի հիման վրայ՝ գաղտնի քուէարկութեամբ։

Գլուխ 4. Ազգային ժողովը.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանէ օրէնսդիր մարմնի՝ Ազգային ժողովի կարգավիճակը, լիազօրութիւնները, ընտրութեան կարգը, պատգամաւորներու կարգավիճակը եւ ընտրութեան կարգը, օրէնսդրական գործընթացը։

Գլուխ 5. Կառաւարութիւնը.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանէ գործադիր իշխանութեան՝ կառավարութեան լիազօրութիւնները եւ գործունէութեան կարգը։

Գլուխ 6. Դատական իշխանութիւնը.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանէ դատական համակարգի կառուցուածքը, կազմաւորման կարգը, Սահմանադրական դատարանի կազմաւորման կարգն ու լիազօրութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան մէջ չներառուող՝ ՀՀ դատախազութեան լիազօրութիւնները, գլխաւոր դատախազի նշանակման կարգը։

Գլուխ 7. Տեղական ինքնակառավարումը.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՚երաշխաւորէ համայնքներուն մէջ տեղական ինքնակառավարումը, այն է՝ համայնքի իրաւունքն ու կարողութիւնը՝ սեփական պատասխանատուութեամբ բնակիչներու բարօրութեան նպատակով Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան լուծելու տեղական նշանակութեան հարցերը։ Կը սահմանուին տեղական ինքնակառավարման մարմինները՝ համայնքի ղեկավար եւ աւագանի, անոնց լիազօրութիւնները, համայնքներու ֆինանսաւորման կարգը, կառաւարութեան կողմէ հսկողութիւնը համայնքներու նկատմամբ։

Գլուխ 8. Սահմանադրութեան ընդունումը, փոփոխումը եւ հանրաքուէն.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանուի, որ Սահմանադրութիւնը կ՚ընդունուի եւ կը փոխուի բացառապէս հանրաքուէով, որ կը նշանակէ Հանրապետութեան Նախագահը՝ Ազգային ժողովի առաջարկով կամ համաձայնութեամբ։ Հանրաքուէով կրնան ընդունուիլ նաեւ սովորական օրէնքները, որոնք այդ պարագային ենթակայ են փոփոխման կրկին հանրաքուէով։ Կը սահմանուին հանրաքուէի անցկացման հիմունքները։

Գլուխ 9. Եզրափակիչ եւ անցումային դրոյթներ.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը սահմանուին սահմանադրական փոփոխութիւններու հետ կապուած անցումային շրջանի կարգաւորման առնչուող դրոյթներ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]